Index   Back Top Print

[ DE  - EN  - ES  - FR  - HY  - IT  - PT ]

MESSAGGIO DEL SANTO PADRE FRANCESCO
AGLI ARMENI

 

Սիրելի Հայ եղբայրներ եւ քոյրեր,

Մէկ դար անցած է արդէն այն սահմռկեցուցիչ ջարդէն՝ որ ձեր ժողովուրդին համար իսկական մարտիրոսութիւն մը եղաւ, որու ընթացքին շատ անմեղներ մեռան որպէս Քրիստոսի անուան խոստովանողներ ու մարտիրոսներ (հմմտ. Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Գարեգին Բ., Հասարակաց Յայտարարութիւն, Էջմիածին, 27 Սեպտեմբեր 2001): Այսօր չկայ հայ ընտանիք մը, որ այդ դէպքերու ընթացքին կորսնցուցած չըլլայ իր սիրելիներէն մէկը. այդ եղաւ իսկապէս «Մեծ Եղեռն»ը, ինչպէս դուք կոչած էք այդ ողբերգութիւնը: Այս առթիւ ուժեղ մերձաւորութեան զգացում մը կ՝ապրիմ զգամ ձեր ժողովուրդին հանդէպ ու կը փափաքիմ հոգեպէս միանալ աղօթքներուն՝ որ կը բարձրանան ձեր սրտերէն, ձեր ընտանիքներէն, ձեր հասարակութիւններէն:

Միասնաբար աղօթելու բարեպատեհ առիթ մը կ’ընծայէ մեզի այսօրուան արարողութիւնը, որու ընթացքին Եկեղեցւոյ Վարդապետ կը հռչակենք սուրբ Գրիգոր Նարեկացին: Ջերմ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ իրենց ներկայութեան համար՝ Ն.Ս.Օ. Գարեգին Բ.ին, Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց, Ն.Ս.Օ. Արամ Ա.ին, Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, եւ Ն.Ա.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.ին, Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:

Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Ժ. դարու միանձնը, առաւել քան ուրիշներ, գիտցաւ  արտայայտել ձեր ժողովուրդին զգայնութիւնը, ձայն տալով այն աղաղակին՝ որ կը դառնայ աղօթքը տառապակոծ եւ մեղապարտ մարդկութեան մը. մարդկութիւն՝ որ թէպէտեւ ընկճուած է իր անկարութեան տագնապէն, կը լուսաւորուի սակայն Աստուծոյ սիրոյն պայծառութենէն եւ կը բացուի անոր փրկարար միջամտութեան յոյսին՝ որ կարող է ամէն ինչ փոխակերպելու: «Ի ձեռն որոյ զօրութեան վստահապէս ակնկալութեամբ վերագրեցեալդ յանցանօք բեռանց՝ աներկմիտ յուսով հաւատամ ի կարողին ձեռն ապաստանեալ ... զնոյն ինքն տեսանել՝ յողորմութիւն եւ ի գթութիւն եւ յերկնիցն ժառանգութիւն» (Նարեկ, ԺԲ.):

Ձեր քրիստոնէական կոչումը շատ հին է եւ մինչեւ 301 թուականը կը հասնի, երբ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ դէպի դարձ եւ մկրտութիւն առաջնորդեց Հայաստան աշխարհը, որ դարերու ընթացքին Քրիստոսի Աւետարանին փարող ազգերուն միջեւ առաջինը հանդիսացաւ: Այդ հոգեւոր իրադարձութիւնը իր անջնջելի կնիքը դրոշմեց Հայ ժողովուրդին, անոր մշակոյթին եւ պատմութեան վրայ, ուր նահատակութիւնը իր նախապատիւ տեղն ունի, ինչպէս նշանակալից կերպով կը վկայէ սրբոց Վարդանանց զոհաբերական նահատակութիւնը Ե. դարուն:

Ձեր ժողովուրդը, Քրիստոսի լոյսով լուսաւորուած եւ զօրութեամբը անոր շնորհքին, շատ փորձեր ու տառապանքներ յաղթահարած է (հմմտ. Հռոմ. Ը, 31-39): Ինչպէս ըսած է ձեզի սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.՝ «Տառապանքով եւ մարտիրոսութեամբ թրծուած ձեր պատմութիւնը թանկագին գոհար մըն է, որով հպարտ է ընդհանրական Եկեղեցին: Մարդուս փրկիչը եղող Քրիստոսի հանդէպ հաւատքը ներշնչած է ձեզի հիանալի արիութիւն մը, յաճախ այնքան նման՝ նոյնինքն խաչի արիութեան, որով վճռակամ յառաջացաք, ժողովուրդի եւ հաւատացեալներու ձեր ինքնութիւնը պահպանելու աննկուն կամքով» (Ճառ, 21 Նոյեմբեր 1987):

Այս հաւատքը ընկերակցեցաւ ձեր ժողովուրդին եւ զօրավիգ եղաւ անոր՝ նաեւ հարիւր տարիներ առաջուան ողբերգական իրադարձութիւններու ընթացքին, որոնք «կը սահմանուին առ հասարակ որպէս Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւնը» (Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Գարեգին Բ., Հասարակաց Յայտարարութիւն, Էջմիածին, 27 Սեպտեմբեր 2001): Բենեդիկտոս ԺԵ. Պապը, որ Առաջին Աշխարհամարտը դատապարտած է իբրեւ «անօգուտ սպանդ» (AAS, IX [1917], 429), ի սպառ ճիգ չէ խնայած զայն կասեցնելու համար, վերստին ձեռք առնելով՝ 1894-96 թուականներու «մահագուշակ դէպքեր»ուն ի տես Լեւոն ԺԳ. Պապին կողմէ արդէն կատարուած միջնորդութեան փորձերը: Այս նպատակով ան գրած է Մեհմետ Ե. Սուլթանին՝ աղերսելով որ խնայուէին անհամար անմեղները (հմմտ. Նամակ, 10 Սեպտեմբեր 1915 թուակիր) եւ ինքն է որ, 6 Դեկտեմբեր 1915-ի Կարդինալներու Դռնփակ Ժողովին, հաստատած է սառսռագին սոսկումով՝ «Հայոց թշուառագոյն ազգը դէպի բնաջնջում կ’առաջնորդուի» (AAS, VII [1915], 510):

Կատարել յիշատակը պատահածին՝ պարտականութիւն մըն է ո՛չ միայն Հայ ժողովուրդին եւ ընդհանրական Եկեղեցւոյ, այլ եւ համայն մարդկային ընտանիքին համար, որպէսզի այս ողբերգութենէն եկող ազդարարութիւնը մեզ ազատէ վերստին իյնալէ նման արհաւիրքներու մէջ, որոնք կ’անարգեն զԱստուած եւ մարդկային արժանապատուութիւնը: Յիրաւի, նաեւ այսօր, նման ընդհարումներ երբեմն կ’այլասերին դէպի անչքմեղելի բռնութիւններ, որոնք կը սնուցուին չարաշահելով էթնիկ եւ կրօնական տարբերութիւնները: Բոլոր անոնք որոնք Ազգերու եւ միջազգային Կազմակերպութիւններու գլուխը կանգնած են՝ կոչուած են հաստատ պատասխանատուութեամբ ընդդիմանալու նման ոճիրներու, առանց երկդիմութիւններու եւ զիջումներու:

Այս կսկծալի յիշատակումը թող բոլորին համար հանդիսանայ շարժառիթ՝ խոնարհ եւ անկեղծ խորհրդածութեան, եւ բանալու սիրտերը դէպի ներողութիւն, որ աղբիւր է խաղաղութեան եւ վերանորոգ յոյսի: Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, մարդկային հոգիին այդ արտակարգ մեկնաբանը, կարծես մարգարէական խօսքեր կ’արտաբերէ մեզի համար. «Քանզի եւ ես իսկ ... վկայեալ զանձնէ կամաւորական ստգտանք բիւր բամբասանաց անբժշկական մեղանաց, ի սկզբնահայրն սկսեալ մինչեւ ի կատարումն ծննդոց նորա, կամայականն յանձնառութեամբ հաստեցի եդի զիս ամենայնիդ պարտական չարեաց» (Նարեկ, ՀԲ.): Ո~րքան կ’ազդէ մեր վրայ համընդհանրական զօրակցութեան իր այս զգացումը: Ո~րքան փոքր կը զգանք մենք մեզ՝ անոր բացագանչութիններուն մեծութեան առջեւ. «Յիշեա՛ զքո մեծութիւնդ, Տէր ... ընդ խնդրելս իմ ի քէն բարի իմոցն ատելեաց, եւ Դու առ քոյս ըստ քում մեծութեանդ անճառելիս հրաշագործեսցես: Մի՛ սատակեսցես զիմսն խածանողսն, այլ փոփոխեսցես. խլեալ զխոտանս բարս երկրաւորս, զբարիսն արմատացուսցես եւ յիս եւ ի նոսին» (անդ, ՁԳ.):

Թող շնորհէ Աստուած, որ Հայ եւ Թուրք ժողովուրդներուն միջեւ վերահաշտութեան ուղին վերաբացուի եւ որ խաղաղութիւն ծագի նաեւ Ղարաբաղի մէջ: Այս ժողովուրդները, անցեալին, ի հեճուկս հակառակութիւններու եւ լարումներու, ապրած են խաղաղ համակեցութեան երկար շրջաններ եւ՝ նոյնիսկ բռնութիւններու թոհուբոհին մէջ՝ զօրակցութեան եւ փոխադարձ օգնութեան պարագաներ տեսած են: Միայն այս ոգիով է որ նոր սերունդները կրնան բացուիլ աւելի լաւ ապագայի մը եւ շատերու զոհաբերումը կրնայ սերմը դառնալ արդարութեան եւ խաղաղութեան:

Մեզի քրիստոնեաներուս համար, այս պահը թող ըլլայ յատկապէս աղօթքի զօրաւոր պահ մը, որպէսզի թափուած արիւնը, Քրիստոսի զոհին փրկարար զօրութեամբ՝ ներգործէ լրիւ միութեան հրաշքը անոր աշակերտներուն միջեւ: Յատկապէս, վերամրացնէ եղբայրական բարեկամութեան կապերը, որ արդէն իսկ կը զօդեն Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին: Բազմահամար եղբայրներու եւ քոյրերու վկայութիւնը, որոնք՝ անզէն՝ իրենց կեանքը զոհեցին իրենց հաւատքին համար, իրարու հաղորդակից կը դարձնէ տարբեր յարանուանութիւնները. արեան համամիութիւնն է այս, որ մղեց սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը, 2000 թուականի Յոբելեանին առթիւ, միասնաբար տօնելու Ի. դարու բոլոր նահատակները: Այսօրուան արարողութիւնն ալ կը զետեղուի հոգեւոր եւ եկեղեցական այս համագրին մէջ: Անոր կը մասնակցին մեր երկու Եկեղեցիներուն ներկայացուցիչները, եւ հոգեւին կը միանան անոր աշխարհի վրայ սփռուած բազում հաւատացեալներ, այսպէս երկրի վրայ հայելացնելով այն կատարեալ հաղորդութիւնը, որ կը տիրէ երկնքի երանեալ հոգիներուն միջեւ: Եղբայրական ոգիով կը վստահեցնեմ իմ մերձաւորութիւնս Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նահատակներու սրբադասման արարողութեան առթիւ, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Ապրիլի 23-ին Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ, եւ ոգեկոչման արարողութիւններուն, որ պիտի կատարուին Յուլիսին, Անթիլիասի մէջ:

Աստուածամօր կը յանձնեմ այս դիտաւորութիւնները սուրբ Գրիիգոր Նարեկացիի խօսքերով.

«Մաքրութիւն կուսից եւ սկզբնաշաւիղ դասուց երջանկաց,
մայր հիմնադրութեան հաստատութեան Եկեղեցւոյ,
եւ ծնող անարատ Բանին Աստուծոյ:
...
եւ ի թեւս պահպանութեան լայնատարած քումդ մաղթանաց ապաւինելով,
զձեռս մեր ի սմա տարածեմք,
եւ աներկբայ յուսով հաւատամք ապրիլ»:

(Ներբող Սրբոյ Աստուածածնին՝ «Գումարք խմբից»)

 

Վատիկանէն, 12 Ապրիլ 2015

FRANCISCUS

 



Copyright © Dicastero per la Comunicazione - Libreria Editrice Vaticana